2011-01-18 11:51:30

Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք կը հաստատէ` Ըսած եմ ու կ՛ըսեմ <<Օսմանեան Կայսրութեան մէջ մէկ միլիոն Հայ սպաննուած է>>։


Թրքական Ռատիքալ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նոպելեան մրցանակակիր, թուրք գրող Օրհան Փամուք յունական Քաթիմերինի օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Ես չեմ հրաժարիր հայերուն եւ քիւրտերուն վերաբերեալ ժամանակին կատարած իմ յայտարարութիւններէս։
Ես ոչ թէ քաղաքական գործիչ եմ, այլ՝ գրականագէտ, ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ ինք կարեւոր կը նկատէ արժանապատուութիւնն ու ազնուութիւնը։
Հարցազրոյցին ընթացքին Օրհան Փամուք մասնաւորաբար խօսած է Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակին, թրքական մշակոյթին, իր ստեղծագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ ազգայնական շրջանակներու կողմէ իր խօսքերն ու միտքերը աղաւաղելու փորձերուն մասին։
Թուրքիան երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ ամէնէն ճգնաժամային կէտին վրայ կը գտնուի։ Անիկա ունի երկու տարբեր կողմեր, ինչ որ բնական է։ Սակայն Թուրքիոյ մէջ կը խորանայ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ գոյութիւն ունեցող շիզոֆրենիան։ Այդ իրավիճակը կազդէ նաեւ մեր մշակոյթին վրայ։ Շատ յաճախ մեր մշակութային դէմքը ձեւաւորուած է քաղաքական որոշումներու իբրեւ արդիւնք, յայտարարած է Փամուք։








All the contents on this site are copyrighted ©.